2014-02-08 08:50:33

Վատիկանի կոչը դեղերու արդար բաշխումին ի նպաստ` դեղահաւաքի 14-րդ օրուան առթիւ։


Գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքին` նախագահը առողջութեան հովութեան քահանայապետական խորհուրդին, 6 փետրուար 2014-ին, կոչ ուղղած է որպէսզի բնակչութեան բոլոր խաւերուն երաշխաւորուի հարկաւոր դեղերը։ Ան իր կոչին մէջ խնդրած է որ դեղերու բաշխումը յայտկապէս ապահովուի դիւրաբեկներուն, մանուկներուն, տարեցներուն եւ աղքատներուն։ Գերապայծառ Զիմովսքին մաղթանք յայտնած է որ ամէն անհատ կարելիութիւնը ունենայ էականին` սնունդ, ջուր, եւ բժշկական խնամք։
Նշենք որ 8 փետրուարին, Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ յատկապէս Իտալիոյ մէջ, կը կատարուի դեղերու հաւաք։








All the contents on this site are copyrighted ©.